2009-09-10 13:26:00

Սողոմաոնի Իմաստութեան Գիրքէն Բ Գլուխ` Կեանքի գաղափարը ամբարիշտնեու աչքով։


Սողոմաոնի Իմաստութեան Գիրքէն Բ Գլուխ` Կեանքի գաղափարը ամբարիշտնեու աչքով։

16Իսկ ամբարիշտները՝ իրենց սեպհակա՛ն ձեռքերովն ու խօսքերով կանչեցին (մահն) իրենց վրայ։ Բարեկա՛մ համարեցան զինք, (անոր կարօտէ՛ն) հալեցան, եւ դաշի՛նք կռեցին անոր հետ, ո-րովհետեւ արժանի՛ ալ են, բախտակից դառնալու անոր։

1Անուղի՛ղ բաներ մտածեցին անոնք իրենց մտքին մէջ, եւ ըսին Կարճ ու ցաւերո՛վ լի է մեր կեանքը, բժշկական դարման չկա՛յ մարդու վախճանին համար եւ (մինչեւ այսօր) չէ՛ եղած մէկը, որ դարձեա՛լ ետ եկած ըլլայ դժոխքէն ։

2Որովհետեւ պատահմունքո՛վ եղանք մենք եւ այնպէ՛ս պիտի ըլլանք ապաային, իբրեւ թէ (ընդհանրապէ՛ս) եղած չըլլայինք։ Որովհետեւ ծուխի պէ՛ս է մեր շունչը մեր ռընունքներուն մէջ, եւ կայծի՛ նման է մեր բանականութիւնը, մեր սի՛րտը շարժելու համար։

3Որուն շիջանելէն ետք, մոխի՛ր կը դառնայ մարմինը, եւ թեթեւ օդի նման՝ կը ցրուի՛ մեր հոին։

4Մեր անո՛ւնն ալ պիտի մոռցուի ժամանակ մը վերջ, եւ ո՛չ մէկը պիտի յիշէ մեր ործերն այլեւս։ Այնպէ՛ս պիտի անցնի մեր կեանքը, ինչպէս արեւի ճառաայթներու տապէն ծանրացած, ցրուած, վարատուած, շամանդաղի՛ վերածուած ամպի մը՝ (իր ետին) թողած հետքերը։

5Որովհետեւ ստուերակա՛ն անցք մըն է մեր կեանքը, եւ չկա՛յ հնարաւորութիւն մարդու վախճանը խափանելու, քանի որ կնքուա՛ծ է (անոր մահավճիրը), եւ չկա՛յ մէկը, որ (կեանքի՛) կարենայ վերադարձնել (զինք)։

6Արդ, եկէ՛ք, եւ ներկայի բարիքներու յափրանքի՛ն տանք մեզ, երիտասարդական աւիւնո՛վ շահաործենք արարածները։

7Պէսպէս ինիներով եւ անուշահոտ օծանելիքներո՛վ լիանանք։ Գարնան ծաղիկ՝ թող չանցնի՛ մեր քովէն։

8Վարդի պսակներո՛վ պճնենք մենք մեզ, որքան ատեն չե՛ն թառամած դեռ անոնք։

9Անմասն թող չմնայ ո՛չ մէկը մեր խօլ խրախճանքներէն, մեր ըրած ուրախութիւններուն հետքե՛րը թողունք ամէն տեղ, որովհետեւ ա՛յդ է մեր միակ բաժինը, ա՛յդ է մեզի վիճակուած բախտը։

10Անիրաւութիւն ործելով՝ բռնանա՛նք չքաւորին վրայ, չխնայե՛նք այրիին, չպատկառի՛նք տարիներու ծանրութեան տակ կքած ծերունիի սպիտակ մազերէն։

11Մեր բռնատիրութի՛ւնը թող ըլլայ մեր արդարութեան չափանիշը, որովհետեւ անպիտանութի՛ւն բնորոշուած է տկարութիւնը։

12Դարաննե՛ր լարենք արդարին, որովհետեւ տաղտո՛ւկ կը պատճառէ ան մեզի, հակառակութի՛ւն ցոյց կու տայ մեր ըրածներուն իբրեւ յանցանք՝ մեր երեսի՛ն կը զարնէ, մեր՝ Օրէնքներուն հակառակ ործածները, եւ մեր մանկութեա՛ն մեղքերով կը բամբասէ ան մեզ։

13Յաւակնութիւն ունի, Աստուա՛ծ ճանչցած ըլլալու, եւ Աստուծո՛յ որդի կանուանէ ինքզինք։

14Խծբծո՛ղ դարձած է ան մեր աղափարախօսութեան։

15Զինք տեսնե՛լն անամ ծանր է մեզի համար, քանի որ ուրիշներու չի՛ նմանիր անոր վարքը, եւ տարբե՛ր են անոր շաւիղները։

16Գարշելի՛ նկատուած ենք մենք անոր առջեւ, եւ իբրեւ պղծութի՛ւն կը խորշի ան մեր ճամբաներէն։ Երանի՛ կու տայ արդարներուն՝ անոնց մահուան համար, եւ հպարտօրէն՝ հա՛յր կը կոչէ զԱստուած։

17Տեսնե՛նք, թէ ճշմարի՞տ են արդեօք անոր խօսքերը, եւ փորձե՛նք, թէ ի՛նչպէս պիտի վերջանայ ասոր խնդիրը։

18Եթէ Աստուծո՛յ որդի է ան իրապէս, թող պաշտպանէ՛ զինք, եւ թող փրկէ՛ զինք իր հակառակորդներու ձեռքերէն։

19Լուտանքներով եւ ծեծի հարուածներո՛վ խոշտանենք զինք, (եւ տեսնենք թէ) օնութեան պիտի հասնի՞ արդեօք մէկն իրեն, չա՛փը հասկնանք անոր հեզութեան, խե՛լք հասցնենք անոր անոխակալութեան։

20Խայտառա՛կ մահուան դատապարտենք զինք, եւ (նայի՛նք թէ) օնութեան պիտի հասնի՞ արդեօք մէկն իրեն, ինչպէս ի՛նք կը հաւաստիացնէ։

21Այսպէ՛ս մտածեցին, բայց խաբուեցան, որովհետեւ իրենց չարութի՛ւնը կուրացուցած էր զիրենք։

22Եւ չհասկցա՛ն Աստուծոյ խորհուրդները, վա՛րձք չակնկալեցին սրբակենցաղ կեանքի համար, եւ պատի՛ւ չհամարեցան անարատ հոի ունենալը։

23Որովհետեւ Աստուած՝ անմե՛ղ վիճակով ստեղծած է մարդը, իր բարութեա՛ն պատկերին համաձայն կերտած է զինք,

24Բանսարկուի նախանձէ՛ն աշխարհ մտաւ մահը։

25Եւ բոլո՛րն ալ փորձը կառնեն անոր, որոնք անո՛ր վիճակին կը պատկանին։








All the contents on this site are copyrighted ©.